Ուսման Մերձեցում

1

Kültürel faaliyetlerin öğrencilerin eğitiminde etkin bir rol oynadığı

2

Öğrenci kurullarında oluşan fikirlerin ciddiyetle ele alındığı

3

Rehberlik ve psikolojik danışma hizmetlerinin önemsendiği

4

Velilerin okulla iletişiminin rahatlıkla sağlandığı

5

Yüksek öğrenim kurumuna hazırlayan bir eğitimi gerçekleştirme

Պատմութիւն

Կեդրոնական Լիսէն կը գտնուի Պէյօղլու գաւառակի Քէմէրալթը եւ Նէճաթիպէյ պողոտաներու միջեւ, Սագըզճըլար փողոց թիւ 1-ին:

Որպէս մանչերու վարժարան կը բացուի 1 Սեպտեմբեր1886-ին Ղալաթիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից, նախկին Ամենափրկիչեան նախակրթարանին տեղը: Այդ շրջանին Պոլսոյ մէջ գոյութիւն չունէր լիսէի մակարդակով ազգային բարձրագոյն վարժարան մը ուր կարենային ուսում ստանալ ազգին բոլոր խաւերէն աշակերտներ, որոնք թաղային նախակրթարան մը կ’աւարտէին: Ունեւոր ընտանիքներու զաւակներ կը ղրկուէին՝ արտասահման կամ թէ Կալաթասարայ Լիսէն, Ռոպէրթ Քոլէճ, Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանը… Բոլորն ալ վճարովի…:

1874-ի Ղալաթիոյ մեծ հրդեհին կը վնասուին եկեղեցապատկան շէնքերը նաեւ նախակրթարանը: Նոյն տարին Պոլսոյ պատրիարք կ’ընտրուի մտաւորական, կրթասէր, հեռատես հոգեւորական մը Ներսէս Վարժապետեան: Ան կը տեսնէ պակասը բարձրագոյն վարժարանի մը, ուրկէ կարելի ըլլար հասցնել չունեւոր դասակարգէ եւս մտաւորական եւ ուսուցիչ մասնաւորաբար գաւառի դպրոցներուն: Նպատակայարմար կը տեսնուի նորոգուած նախակրթարանը: Վարժարանը կը կոչուի Կեդրոնական, շէնքին Պոլսոյ մէջ գտնուած եդրոնական դիրքին պատճառաւ: Պիտի ջամբուէր ընդամէնը հինգ տարի ուսում, միջնակարգ եւ լիսէի շրջաններով: Դպրոցը կը բացուի հազիւ 1886-ին նիւթական նեղ պայմաններու բերմամբ: Առաջին տնօրէնն է՝ գրող, մտաւորական Մինաս Չերազ:

Անուանի Կեդրոնականցիներ

Արա Կիւլէր

1928-ին ծնած է Պոլիս։ Յայտնի է որպէս Թուրքիոյ մէջ ստեղծագործ լուսանկարչութեան համաշխարհային ասպարէզին վրայ հռչակուած կարեւորագոյն ներկայացուցիչը։ Լիսէի ուսման տարիներուն աշխատած է շարժանկարի սթիւտիօներուն ու շարժարուեստի բոլոր ճիւղերուն վրայ։ 1951-ին աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ Թատրոնի ու դերասանութեան դասընթացքներու հետեւած է Մուհսին Էրթուղրուլի մօտ։ Devamı »

Hayko Çepkin

1978 yılında İstanbul’da doğdu, 1995 yılında Getronagan Lisesi’ni bitirdikten iki sene sonra Mimar Sinan Üniversitesinde şan, solfej ve piyano dersleri aldı. Çeşitli yerlerde de piyano ve armoni dersleri gördükten sonra da 1997 yılında profesyonel müzik kariyerine başladı. İlk albümü Sakin Olmam Lazım ile iyi bir çıkış yapan Hayko, ikinci albümü Tanışma Bitti ile de hayran kitlesini arttırdı. 3. albümü Sandık ile daha geniş alanlara yayıldı. Devamı »