Կեդրոնական Լիսէն կը գտնուի Պէյօղլու գաւառակի Քէմէրալթը եւ Նէճաթիպէյ պողոտաներու միջեւ, Սագըզճըլար փողոց թիւ 1-ին:

Որպէս մանչերու վարժարան կը բացուի 1 Սեպտեմբեր1886-ին Ղալաթիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից, նախկին Ամենափրկիչեան նախակրթարանին տեղը: Այդ շրջանին Պոլսոյ մէջ գոյութիւն չունէր լիսէի մակարդակով ազգային բարձրագոյն վարժարան մը ուր կարենային ուսում ստանալ ազգին բոլոր խաւերէն աշակերտներ, որոնք թաղային նախակրթարան մը կ’աւարտէին: Ունեւոր ընտանիքներու զաւակներ կը ղրկուէին՝ արտասահման կամ թէ Կալաթասարայ Լիսէն, Ռոպէրթ Քոլէճ, Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանը… Բոլորն ալ վճարովի…:

Ներսէս Վարժապետեան

1874-ի Ղալաթիոյ մեծ հրդեհին կը վնասուին եկեղեցապատկան շէնքերը նաեւ նախակրթարանը: Նոյն տարին Պոլսոյ պատրիարք կ’ընտրուի մտաւորական, կրթասէր, հեռատես հոգեւորական մը Ներսէս Վարժապետեան: Ան կը տեսնէ պակասը բարձրագոյն վարժարանի մը, ուրկէ կարելի ըլլար հասցնել չունեւոր դասակարգէ եւս մտաւորական եւ ուսուցիչ մասնաւորաբար գաւառի դպրոցներուն: Նպատակայարմար կը տեսնուի նորոգուած նախակրթարանը: Վարժարանը կը կոչուի Կեդրոնական, շէնքին Պոլսոյ մէջ գտնուած եդրոնական դիրքին պատճառաւ: Պիտի ջամբուէր ընդամէնը հինգ տարի ուսում, միջնակարգ եւ լիսէի շրջաններով: Դպրոցը կը բացուի հազիւ 1886-ին նիւթական նեղ պայմաններու բերմամբ: Առաջին տնօրէնն է՝ գրող, մտաւորական Մինաս Չերազ:

1900-1913 տնօրէն՝ Տարրաբանութեան տոքթօր Մարտիրոս Նալպանտեան. շրջանաւարտներ քննութեամբ կ’արժանանան Օսմանեան պետական կրթաթոշակի. Զուիցերիա եւ Ֆրանսայի մէջ կը ստանան ուսուցչագործման բարձրագոյն ուսում. իրենց պարտադիր պետական պաշտօնները կատարելով Հայ վարժարաններու մէջ կը ձեռնադրուին՝ տնօրէն: Անոնց կարգին են՝ Աւետիք Մեսրոպեան (Էսաեան), Կարապետ Քիւրքճեան (Մխիթարեան), Պօղոս Գէորգեան (Դպրոցասէր Տիկնանց եւ Մելգոնեան) լիսէներու բազմամեայ տնօրէնները:

1917-1927 տնօրէն՝ Փարիզէն վկայեալ շինարարական ճարտարագէտ եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեայ Գեղամ Գավաֆեան: Դպրոցին մէկ մասը եւ շրջակայ շէնքերը կը տրամադրուին յետ պատերազմի գաւառէն գաղթողներուն: Լիսէի բաժնի մէջ կը բացուին գիտականի կողքին գրական եւ տնտեսագիտական դասարաններ:

1927-1933 տնօրէն՝ Պոլսոյ համբաւաւոր թուաբանութեան ուսուցիչը, գիրքերու հեղինակ Պետրոս Ատրունին. կը պաշտօնավարէ նաեւ Կալաթասարայ Լիսէի մէջ: Կեդրոնականի հետ նոյնացած անուն մը. իր շրջանին դպրոցի կրթական ծրագիրը բոլորովին կը համապատասխանէ պետական լիսէին: կը նորոգուի շէնքը եւ հանդերձանքը: Պարտէզէ զերծ դպրոցին վերնայարկին մէկ մասը կը տրամադրուի զբօսարանի եւ մարզասրահի:

1936 Գրիգոր Սարաֆեանի տնօրէնութեան օրով երկսեռ ուսում, քանի կը փակուի Էսաեանի լիսէի բաժինը: Աղջիկները կ’առաջնորդուին Կեդրոնական: 1951-ին Էսաեանի լիսէի բաժնին վերաբացումով վերջ կը տրուի Կեդրոնականի երկսեռ ուսուցման:

2-րդ Համաշխարհային պատերազմի տնտեսական դժուարին պայմաններ… Փակման վտանգ: Առաջին կին տնօրէնը Էլիզ Այվազեան ուսումնական գործերու կողքին աշխատանք կը տանի նաեւ դպրոցին նիւթական ապահովելու համար: Յետագայ շրջաններուն տնօրէնութեան պաշտօն կը ստանձնեն՝ Ղազարոս Պալէր, Համբարձում Սնալ, Հրանտ Տէր Անդրէասեան, Պերճ Չալըքման:

Վարժարանի բացման տարիներէն սկսեալ ուսուցչաց կազմին մէջ կը տեսնենք՝ Կոմիտաս վարդապետ (երաժշտութիւն), Ստեփան Կուրտիկեան (Օսմաներէն, թրքերէն), Էտկար Մանաս (երաժշտութիւն), Վահրամ Չերչեան (գեղագրութիւն), Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան (հայերէն), Գարեգին Պատրիարք Գազանճեան (հայերէն), Թուրան Թանըն (թուաբանութիւն), Էօմէր Պէյկօ (թուաբանութիւն), Հերմինէ Գալուստեան (թուաբանութիւն), Հրանտ Ասատուր (հայերէն), Զապէլ Ասատուր (հայերէն), Մառի Կէրէքմէզեան (գծագրութիւն), եւլն.: Յարգանքով կը յիշուին նաեւ

երկարամեայ ուսուցիչներ՝ Աշխէն Ճէզվէճեան ( մօտ կէս դար ընդհանուր հսկիչ եւ անգլիերէն, ֆրանսերէն) եւ Ֆաթմա Սեվիմ Թիւմէրթէքինը (երեսուն տարիներ աշխարհագրութիւն)…:

1991-1992 տարեշրջանէն սկսեալ կրկին երկսեռ ուսուցում՝ նկատի ունենալով համատարած մանկավարժական սկզբունքները: 1998-ին կը փակուի միջնակարգի բաժինը, պարտադիր նախակրթական ուսման ութը տարիի բարձրացումով:

2000-2005-ի միջեւ կը բացուի նախապատրաստական դասարան, նախքան լիսէի: 2005-ին պարտադիր լիսէի ուսման չորս տարիի բարձրացում, փակում՝ նախապատրաստականի եւ շէնքի ընդհանուր նորոգութիւն (տախտակամած, դուռ, աթոռ, սեղան, լուսաւորում):

2008 եւ 2014-ին մայր շէնքին կից Քէօշէ Խանէն երկու յարկ (500 m²) կը կապուի դպրոցին, կը կառուցուին ուսուցչաց յատուկ բաժիններ, աշխատանոցներ:

Կեդրոնականը ունեցած է յաջող անցեալ մը Հայ կրթական եւ համայնքային կեանքէ ներս: Ան այսօր եւս կը պահպանէ իր ուրոյն դիրքը որպէս համայնքային հինգ հաստատութիւններէն մին:

Պիւտճէն մեծ մասամբ կ’ապահովէ Պոլսահայ համայնքը: Պաշտօնապէս ունի 239 աշակերտի տարողութիւն, ուր ամէն տարեշրջանի լիսէի ուսում կը ստանան շուրջ 200 աշակերտ: Հիմնադրութենէն ցայսօր ունեցած է 3.000-է աւելի շրջանաւարտ: