Պտոյտներ (2017)
ԺԱ. դասարանի աշակերտները 06.09.2017-Չորեքշաբթի օր այցելեցին Սկիւտարի Ս.Խաչ եւ Ս.Կարապետ եկեղեցիները: Աշակերտները Յուսիկ Քահանայի կողմէ Սկիւտարի համայնքին ու Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին տեղեկութիւն ստացան ապա անցան Ս. Կարապետ Եկեղեցին:
Ծրագրին վերջին կայանն էր Պէյլէրպէյի Պալատը: Աշակերտները հոս եւս տեղեկութիւն ստացան Սարգիս Պալեանի կողմէ շինուած շէնքին մասին:
Ժ. Դասարանի աշակերտները 06.09.2017-Չորեքշաբթի այցելեցին Ըհլամուր Քասրըն որուն ճարտարապետն է Նիկողոս Պալեան: Իրենց դասարանի ուսուցիչներու կողմէ տեղեկութիւն ստացան շէնքին մասին ու յիշատակեցին Պալեան ընտանիքը:
Թ. Դասարանի աշակերտները 06.09.2017-Չորեքշաբթի օր, դասարանի ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ պտոյտ մը կատարեցին դէպի Ղալաթիա ու Բէրա: Պտոյտի ընթացքին Կեդրոնականի նոր սաները առիթը ունեցան զիրար աւելի մօտէն ճանչնալու ու մտերմանալու:
Կեդրոնական Վարժարանը իրականացուց իր աւանդական պտոյտներէն մին եւս ու 13 Սեպտեմբեր 2017 Չորեքշաբթի օր, ամբողջական կազմով պտոյտ մը կատարեց, շարժանաւով դէպի Ոսփորի Եւրոպական ու Ասիական ափերուն: