Բառ Խաղի Մրցում
Կազդուրման Կայանի կողմէ կազմակերպուած «Միջվարժարանային Բ. Բառ Խաղի Մրցում»ին վարժարանէս մասնակցեցան Ժ. Դասարանի աշակերտներ՝ Սարին Իչ, Վարդան Մամիկոնեան եւ Արտէն Ճան Չէքմէնը:
Մրցումի աւարտին անոնք հանդիսացան իրենց սեղանին առաջինը, իսկ մասնակից 6 խումբին մէջ երկրորդ:
Կը շնորհաւորենք կազմակերպիչները եւ բոլոր մասնակիցները: